ՊԻԱԼԻՍԹՈՔ, Լեհաստան.- Լեհաստանի արեւելեան ամենամեծ քաղաքին՝ Պիալիսթոքի մէջ, հայազգի երիտասարդ մը նէօ-նացիներու կողմէ կատարուած յարձակիումին պատճառով վիրաւորուած է եւ այժմ հիւանդանոց կը գտնուի. այս մասին կը հաղորդեն տեղւոյն լրատուամիջոցները:
Դէպքը տեղի ունեցած է Կիրակի, Մարտ 25ին:
Շուրջ երկու տասնեակ «սքինհետ»ներ դաժան ծեծAՉի ենթարկած են 21ամեայ Օգսէն Ս.ը եւ դանակի բազմաթիւ հարուածներ տուած անոր՝ վնասելով երիտասարդին երակներն ու մկանները:
«Բժիշկները հիմա ամէն ինչ կ՛ընեն երիտասարդին կեանքը փրկելու համար, յոյսով ենք որ Օգսէնը կ՛ապրի», կը գրեն տեղական թերթերը:
Միջադէպի մանրամասնութիւնները պարզելու համար, «Քուրիըր Փորաննի» թերթը զրուցած է ականատեսներու հետ, որոնք պատմած են, թէ դէպքին օրը շուրջ երկու տասնեակ դիմակաւորուած անձեր ներխուժած են քաղաքի գիշերային ակումբներէն մէկը ու բացայայտօրէն փնտռած են հայազգի երիտասարդը: «Անոնք շատ վստահ էին իրենց արարքին մէջ, կարծես եկած են որոշուած անձ մը գտնելու, թերեւս՝ վրէժ լուծելու համար», թերթին պատմած է ակումբի տնօրէն Քաթերին Հանուց-Օլեկսի:
Տեղական լրատուամիջոցները կը յայտնեն նաեւ, որ ասիկա հայազգի երիտասարդին նկատմամբ «սքինհետ»ներուն կատարած երկրորդ յարձակումն է:
Առաջինը տեղի ունեցած է անցեալ տարուան Ապրիլին. դանակներով զինուած քանի մը երիտասարդներ դարանակալած էին Օգսէնը, անոր ընկերուհին ու ընկերը՝ վիրաւորական արտայայտութիւններ ու ցեղապաշտական կանչեր հնչեցնելով անոնց հանդէպ:
Այժմ, կատարուած հետաքննութեան կը հետեւի նաեւ Լեհաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը, որ այս հարցով պաշտօնական հայց ուղարկած է Պիալիսթոքի դատախազութեան ու ոստիկանութեան:
Հայազգի երիտասարդին առողջական վիճակը այժմ կայուն է. ան կը գտնուի բժիշկներու մշտական հսկողութեան տակ: