Ծանօթ է ձեզի, որ ամէն տարի, Նոյեմբեր ամսուան առաջին օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հովանաւորութեամբ՝ կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս կը մեծարուի Հայ Գիրքն ու մշակոյթը՝ շուրջ երեք շաբաթներու վրայ երկարող Հայ Գիրքի ցուցահանդէսով։
33 տարին բոլորած այս նախաձեռնութիւնը ի մի կը խմբէ ո՛չ միայն լիբանանահայ հրատարակչատուներէն լոյս տեսած հայերէն գիրքերը, այլեւ Լիբանանի մերձակայ հայ գաղութներու մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքերը եւ հայութեան նուիրուած օտար գրականութիւնը։
Ցուցահանդէսին շրջանակը ընդարձակելու փորձին արձանագրած յաջողութենէն քաջալերուած, ինչպէս նաեւ մեկնելով գրահրատարակչութեան 500ամեակին առիթով Սուրբ աթոռոյս գահակալ վեհափառ հայրապետին 2012 տարին Հայ Գիրքի տարի յայտարարելու որոշումէն, մտածեցինք Հայ Գիրքի ցուցահանդէսը վերածել համասփիւռքեան նախաձեռնութեան։
Հետեւաբար, կը դիմենք ձեզի՝ ցուցահանդէսին ձեր մասնակցութիւնը ապահովելու սպասումով։ Գործնական մանրամասնութիւններու մասին կը գրենք ձեզի, երբ ստանանք ձեր դրական պատասխանը, ուղղուած հետեւեալ հասցէին՝
bookstock@armenianorthodoxchurch.org Կանխաւ շնորհակալութիւն։
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ