
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Ուրբաթ, Մարտ 30ի նիստին ընթացքին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում ու ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւններու անդամ երեսփոխաններուն միջեւ հերթական բախում մը տեղի ունեցած է, կրթական համակարգը փոփոխութեան ենթարկելու հարցի քննարկման ընթացքին: Կրթական յանձնաժողովի անդամներէն երկուքը իրարու «սատանայ» եւ «անկիր»չ որակած են, որմէ ետք անոնցմէ մէկը ապտակած է միւսին եւ ծեծկռտուք սկսած է: Նիստը շարունակուած է կարճ դադարէ մը ետք: