ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Անուղղակիօրէն պատասխանելով մէկ օր առաջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կատարած այն յայտարարութեան, թէ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի՝ Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան պէտք է յարձակումները կասեցնելու նպատակով ճնշում բանեցնէ ընդդիմութեան վրայ, Անանի բանբերը Ուրբաթ, Մարտ 30ին յայտարարեց, թէ Ասատի վարչակարգը պէտք է բարի կամեցողութիւն ցուցաբերէ՝ անմիջապէս զինադադար հաստատելով:
Յայտնենք, թէ Պաղտատի մէջ կայացած Արաբական լիկայի գերաստիճանի աւարտին, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի եւ Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին ժողովի վերջնական հաղորդագրութիւնը, որ կոչ կ՛ուղղէ սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու, սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարելու եւ բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնելու: Վեհաժողովը նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Անանի ծրագիրին: Արապի նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ թղթածրարը քանի մը օրէն դարձեալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացուի: