ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 11րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Մարտ 25ին, Միքայէլ եպս. Մուրատեան պիտի մատուցէ յատուկ Ս. պատարագ մը, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ մուտքին գտնուող խորաններու օծումը:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6ին տեղի պիտի ունենայ տարեկան ձեռնարկ-ճաշկերոյթ, Կլենտէյլի «Renaissance» սրահին մէջ: Մուտքի սակը 100 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 243-8400 թիւին: