
Յովհաննէս Մարգարեանի իրաւաբանական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ BMW գերմանական ինքնաշարժներու ընկերութեան Հիւսիսային Ամերիկայի բաժանմունքին դէմ դատ բացած է՝ ապահովական երկու թերացումներու կապակցութեամբ՝ պահաջնելով 1.14 միլիառ տոլարի վնասուց հատուցում: Դատական 149 էջնոց դիմումին մէջ կը պնդուի, թէ ընկերութեան մօտաւորապէս 200,000 ինքնաշարժները օժտուած են վտանգաւոր նկատուող վառելանիւթի մղիչներով, եւ կը շեշտուի, թէ այս հարցը դարմանելու համար ընկերութեան առաջադրած լուծումը անբաւարար է՝ ըստ դաշնակցային եւ նահանգային օրէնքներու:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.MargarianLaw.com կայքը կամ դիմել info@margarianlaw.com հասցէին ու (818) 990-0418 թիւին: