ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Իլինոյէն հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրք կարելի եղածին չափ մեծ թիւով համահովանաւորներ ապահովելու աշխատանք կը տանին, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին նոր բանաձեւ մը Ծերակոյտին ներկայացնելու նպատակով:
Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայերուն, որ իրենց նահանգներու ծերակուտականներուն դիմելով՝ կոչ ընեն անոնց հովանաւորելու այս բանաձեւը, որուն նպատակն է ցեղասպանութեանց կանխարգիլումը: Ծերակուտականներու դիմելու համար պատրաստուած յատուկ կայքէջին հասցէն է՝ www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=61096916:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ ծերակուտականներուն՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Սպիտակ տունը եւ Քոնկրեսը վերջապէս կը մերժեն Ցեղասպանութեան ուրացումը իրենց պարտադրելու միտող Թուրքիոյ ջանքերը:
Բանաձեւը կարելի է կարդալ www.anca.org/assets/pdf/misc/s112_gen_res_text.pdf կայքէջէն: