
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնիա Նաու».- Չորեքշաբթի, Մարտ 14ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին, նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ շեշտած է, թէ Ուաշինկթըն Արցախի հակամարտութեան համար ռազմական լուծում չի տեսներ, եւ կոչ ըրած է հակամարտող կողմերուն, որ իրենց ժողովուրդները նախապատրաստեն խաղաղութեան, այլ ոչ թէ՝ պատերազմի:
«Հանդիսանալով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ՝ Ամերիկա հաւատարիմ է Արցախի հակամարտութեան կողմերուն օգնելու պարտականութեան, որպէսզի երկարատեւ եւ խաղաղ կարգաւորումի հասնին: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Կոչ կ՛ընենք կողմերուն, որ հեռու մնան վնասակար յայտարարութիւններէ ու գործողութիւններէ», ըսած է ան՝ ակնարկելով շրջանին մէջ աճող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն:
Միջազգային միջնորդութեամբ, հայ-ատրպեճանական հակամարտութիւնը լուծելու ջանքերը կը շարունակուին: Վերջերս յոյս կար, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը համաձայնին հակամարտութեան լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, սակայն Ռուսիոյ միջնորդած շարք մը հանդիպումներ էական արդիւնք չտուին: Այս միջոցին Արցախի սահմանային գօտիին վրայ աճած է լարուածութիւնը:
Նաեւ, Պաքուի մէջ 16 հասարակական կազմակերպութիւններ դաշինք մը ստեղծած են՝ նպատակ ունենալով Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծել: