
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահի Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ Չորեքշաբթի, Մարտ 14ին, Մարսէյ կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի»ի, Հոլանտ ծաղկեպսակ զետեղած է Մարսէյի Փրատօ թաղամասը գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ: Նոյն յուշարձանին առջեւ, 1981ի Ապրիլ 23ին ծաղկեպսակ զետեղած էր նաեւ Ֆրանսայի հինգերորդ հանրապետութեան միակ ընկերվարական նախագահը՝ Ֆրանսուա Միթերանը:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Հոլանտ անգամ մը եւս վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ նախագահ ընտրուելու պարագային կարելին ընելու, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու համար:
Ան նման խոստում մը տուած էր նաեւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին:
Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնելու օրէնք մը վաւերացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ եւ նախագահի թեկնածու Նիքոլա Սարքոզին: