ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն աշխատանք կը տանի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով քոնկրեսականներու աջակցութիւնը ապահովելու, 2013ի պետական ամավարկի արտաքին յատկացումներու օրինագիծին մէջ Հայաստանին տրամադրուելիք յատկացումները բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Ջաւախքի ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի մէջ տեղահանուած հայերուն օժանդակութիւններ երաշխաւորելու նպատակով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ֆրենք Փալոն նամակով մը դիմած է Ներկայացուցիչներու տան իր պաշտօնակիցներուն՝ անոնց ստորագրութիւնը ապահովելու համար, որմէ ետք ան նամակը պիտի ղրկէ Ներկայացուցիչներու տան Պետական արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձանաժողովի ղեկավարութեան:
Նամակին հիմնական պահանջներն են.
– Առնուազն հինգ միլիոն տոլար նպաստ տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին.
– Վրաստանի յատկացուող օժանակութեան առնուազն 10 տոկոսը տրամադրել æաւախքի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծելու ծրագիրներուն.
– Հայաստանին տրամադրել առնուազն 50 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն.
– Յատուկ գումարներ տրամադրել Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութեանց հետեւանքով վնասներ կրած հայերու եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամանսութեանց օժանդակելու նպատակին.
– Աւելի եւս խստացնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները սահմանափակող օրինագիծը.
– Պահանջել, որ Արցախը եւս մասնակցի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութեանց:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Փալոնի այս քայլը:
Այս նամակին տակ ստորագրելու պահանջով ձեր շրջանի քոնկրեսականին նամակ մը յղելու համար, այցելել www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=61096991 կայքէջը: