ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 28ին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց բեկանել Ծրագրումի վերատեսութեան մարմինին այն որոշումը, որ անընդունելի կը նկատէր «Շամլեան» ազգային վարժարանի փակ մարզարանի կառուցման յատակագիծը: Վարժարանի աւելի քան 100 աշակերտներ ներկայ էին ժողովին՝ նեցուկ կանգնելու համար իրենց մարզարանի կառուցման ծրագիրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.