ԷՆՍԻՆՕ.- Չորեքշաբթի, 22 Փետրուարին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի առաջին արարողութեան։
Արարողութեան մասնակցեցան Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Ժամերգութեան ներկայ եղան «Ֆերահեան» Ազգ. վարժարանի աշակերտները։ Առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն խօսեցաւ Մեծ պահոց մասին։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ կից «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մեծ պահքի ճաշկերոյթը։
Առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։