ՓԱՐԻԶ, «Այսօր».- 29 Փետրուարին Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ կայացած «Ճշմարտութիւն եւ կեղծիքներ- Խաղաղութիւն Ղարաբաղի մէջ» խորագիրը կրող հանդիպումին մասնակիցներուն կողմէ եզրափակուեցաւ սումկայիթեան ջարդերու 24րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններու շարքը։
Ֆրանսացի պատգամաւորներ Ռիշար Մալիէի, Ֆրանսուայ Ռոշպլուանի եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Ալեքսի Կովցիյեանի կողմէ կազմակերպուած հաւաքին շուրջ համախմբուած էին հասարակական-քաղաքական գործիչներ։ Անոնց կարգին էին ֆրանսացի խորհրդարանականներ, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ։
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան:
Հաւաքին մասնակիցները դատապարտեցին Սումկայիթի եւ միւս քաղաքներուն մէջ հայերուն դէմ ի գործ դրուած բռնութիւնները, որոնք կատարուեցան Ատրպէյճանի կողմէ։ Անոնք հաստատեցին, որ դատապարտելի են նաեւ մինչեւ օրս շարունակուող ժխտողական քաղաքականութիւնն ու Խոջալուի ողբերգութիւնը իր սեփական քարոզչութեան ծառայեցնելու ատրպեճանական փորձերը:
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ ֆրանսական «Նուվէլ տ՛Արմենի մակազին» պարբերականին կողմէ հրատարակուած «Հայերու ջարդը Ատրպէյճանի մէջ, 1988-1992» գրքոյկը, որ պիտի բաժնուի ֆրանսացի խորհրդարանականներուն, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն եւ լրագրողներուն։
Հանդիպումի աւարտին Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան Արցախի բարեկամ պատգամաւոր Ռիշար Մալիէին յանձնեց ԼՂՀ անկախութեան 20ամեակին նուիրուած յուշամետալ: