
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ Փետրուար 20ին կայացած դատավարութեան ընթացքին Հայաստանի Ճանապարհային ոստիկանութեան նախկին պետ Մարգար Օհանեան յայտարարեց, թէ իրեն ուղղուած մեղադրանքը սուտ է: «Իւրաքանչիւր կտրօն համարակալուած է, իւրաքանչիւր կտրօնի վրայ պէտք դրուած լինի տուեալ կնիքը», ըսաւ Օհանեան: Ան հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ իւրացում կատարած է։ Ան ընդգծեց, որ այս գործընթացը նպատակ ունի արատաւորել իր անունն ու բարի համբաւը:
Մարգար Օհանեան նաեւ նշեց, որ ոստիկանութեան համակարգէն հեռացուցած են իր ընկերներն ու բարեկամները՝ իրեն հետ կապ ունենալնուն պատճառով:
Պատասխանելով մեղադրող կողմի այն հարցումին, թէ ո՞ր բարձրաստիճան ոստիկանի հետ լարուածութիւն գոյութիւն ունի՝ Մարգար Օհանեան ըսաւ, որ ինք հարցեր ունեցած է Ալիկ Սարգսեանի հետ, որուն կարգ մը որոշումներուն ինք համաձայն չէ եղած:
«Հիմա եթէ իմ ենթակայ աշխատակիցները գան ու ասեն, որ ես մարդ եմ սպանել, բայց ոչ ոք չգտնի սպանուածին, ինձ էլի՞ ենթարկելու էք պատասխանատուութեան: Երեք հոգի գրել են, որ ես բենզին եմ իւրացրել, բայց չկայ ոչ բենզինը, ոչ էլ ապացոյցը», հարցադրեց ան։
Դատարանը նախապէս մերժած էր Մարգար Օհանեանի հաշուոյն բանտարկութենէ տարբեր ձեւ որդեգրելու փաստաբանին դիմումը։