
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ Փետրուար 16ին սկսաւ ոստիկանութեան Քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան նախկին պետ Յովհաննէս Թամամեանի գործով դատավարութիւնը, որուն ընթացքին վերջինս դահլիճ մտաւ բաւական բարձր տրամադրութեամբ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պիտի չկատարէ՞ լրատուամիջոցներուն ուղղուած յայտարարութիւնը՝ Թամամեանը ըսաւ. «Ժամանակը կը գայ, կ՛անի»:
Նշենք, որ Յովհաննէս Թամամեան կը մեղադրուի պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու, պաշտօնական դիրքը օգտագործելու կամ ծառայողական պարտականութիւնները չկատարելու յանցանքով, որուն համար կրնայ բանտարկուիլ չորս տարիով։ Կայ նաեւ անզգուշութեան պատճառով ծանր հետեւանքներուն համար 2-6 տարուան ազատազրկումի հաւանականութիւն: Նշենք, որ Թամամեանի մեղադրանքին մէջ կայ երկու դրուագ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի Արաբկիրի մէջ տեղի ունեցած սպանութեան, իսկ միւսը՝ Գաւառի մէջ տեղի ունեցած սպանութեան փորձին:
Ըստ դատախազութեան, Գաւառի մէջ 2009ին սպանութեան փորձ կատարածներուն ինքնութիւնը գիտնալով հանդերձ, զանոնք քրէական պատասխանատուութենէն զերծ պահելու դիտաւորութեամբ Թամամեան ձեռնպահ մնացած է տեղեկութիւնները ստուգելու եւ յանցագործութեան գործիք հանդիսացող զէնքերը յայտնաբերելու ուղղութեամբ հետախուզական աշխատանքները կազմակերպելէն: Աւելին, ըստ դատախազութեան, Թամամեան նաեւ ոչնչացուցած է սպանութեան փորձը կատարողներուն առնչուած տեղեկութիւններ ամփոփող փաստագրութիւններէն: Ասկէ բացի, ըստ դատախազութեան, Թամամեան 2010ին Կոմիտասի պողոտային վրայ տեղի ունեցած սպանութեան գործով թաքցուցած է վերոյիշեալ յանցագործութեան կատարման մասնակցութիւն ունեցած անձը եւ միջոցներու չէ ձեռնարկած ոճիրին իրական հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:
Փետրուար 16ին կայացած դատական առաջին նիստին դատաւոր Արշակ Վարդանեան նախ ներկայացուց գործով մեղադրեալները, ապա ճշդեց Թամամեանի ինքնութիւնը: Թամամեան, ինքզինք ներկայացնելով՝ չմոռցաւ շեշտելու, որ ունի «շատ պարգեւներ, այդ թւում՝ կառավարական»: Թամամեանի փաստաբան Վաղինակ Գէորգեան, իր հերթին աւելցուց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան 2008ին ծառայողական պարտքը կատարելու ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան համար Թամամեանը պարգեւատրած է հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար 2րդ աստիճանի մետալով: Պարզուեցաւ նաեւ, որ Թամամեան պարգեւատրուած է մեծ մարդասէր Ֆրիտեօֆ Նանսէնի ոսկէ յուշամետալով, ըստ փաստաբանին, մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման, գիտամանկավարժական գործունէութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղութեամբ ծաւալած գործունէութեան համար:
Բացի Թամամեանէն, այս գործով մեղադրուած են նաեւ ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժինի պետի նախկին տեղակալ Արմէն Պօղոսեան եւ ոստիկանութեան յատկապէս կարեւոր գործերով նախկին աւագ քննիչ Վահան Խանզադեանը: Անոնք կը մեղադրուին պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յանցանքով, որ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ: Դատական նիստին ընթացքին մեղադրեալներէն Վահան Խանզադեանի նոր պաշտպան փաստաբանը, դատարանէն խնդրեց իրեն ժամանակ տրամադրել՝ գործին նիւթերուն ծանօթանալու համար: Դատարանը բաւարարեց խնդրանքը եւ յաջորդ նիստը ճշդեց Մարտ 6ին: