
ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի Պետական համալսարանի հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Սամուէլ Մուրադեանի խմբագրութեամբ, ԵՊՀի հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած է Յովհաննէս Շիրազի անտիպ «Անի» պոէմը, որուն հեղինակը տուած է «պատմափիլիսոփայական պոէմ» ոճային բնութագրում։ Անիկա կը պատկերէ 11րդ դարու առաջին կիսու իրադարձութիւնները, երբ Բագրատունեաց հայոց մայրաքաղաքը պաշարուած էր թշնամիին կողմէ, եւ երբ կը գործէին ներքին պառակտիչ ուժերը:
«Անի» պոէմը գրուած է 1950-51ին, եւ հանդիպած է լուրջ դիմադրութեան: Գիրքի խմբագիրին համաձայն, բանաստեղծի գրչակիցներն ու քննադատները մեղադրանքներ ուղղած են՝ պնդելով, թէ Շիրազ իրաւունք չունէր գրելու «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ»: