
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ-.- 14 Փետրուարին Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ քաղաքական ընթացիկ խորհրդակցութիւններ ունենալու նպատակով աշխատանքային այցելութեամբ Իրան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Ասիոյ, Ովկիանիայի եւ ԱՊՀ երկիրներու հարցերով տեղակալ Սէյիտ Ապպաս Արաղչիի հետ:
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարները կարեւորած են երկու կողմերու միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու անհրաժեշտութիւնը եւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը:
Գոհունակութիւն յայտնելով երկու երկիրներու միջեւ զարգացող համագործակցոութեան մակարդակով՝ զրուցակիցները ընդգծած են 2011ին Հայաստանի եւ Իրանի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներուն տրուած փոխայցելութիւններուն կարեւորութիւնը։ Փոխնախարարները քննարկած են տնտեսական միացեալ ծրագիրներու իրականացման ընթացքը: Նշուած է, որ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն գործադրութիւնը եւ ստորագրուած փաստաթուղթերով նախատեսուած ծրագիրներուն իրականացումը պէտք է նոր լիցք հաղորդեն երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան:
Նոյն օրը երեկոյեան Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհ ընդունած է նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը: Նախարար Սալեհ նշած է, որ Իրանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի դրացի եւ բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը: