ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի հասարակական ապահովութեան նախարարութեան գաղթականութեան վարչութեան տուեալներու հիման վրայ, 2011ին Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ Ղարաբաղ եկած 169 ընտանիքի (580 անձ, ներառեալ՝ 236 երեխայ) տրուած է վերաբնակիչի կարգավիճակ եւ կառավարութեան կողմէ սահմանուած արտօնութիւններ:
Գաղթականութեան ծրագիրներու իրականացման համար նախատեսուած էր 97 միլիոն դրամ, որուն 65 առ հարիւրը արդէն օգտագործուած է. շուրջ 5.5 միլիոն դրամ իբրեւ օգնութիւն տրամադրուած է, 3 միլիոն՝ ճանապարհածախսի փոխհատուցում, շուրջ 17 միլիոն դրամ՝ գոյքի տեղափոխման եւ տեղափոխման փոխհատուցման, 37 միլիոն դրամ՝ արտօնեալ պիւտճէական վարկ:
Տարուան ընթացքին «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին ծիրին մէջ նախարարութեան եւ «Արցախ ֆոնտ» հիմնադրամի միացեալ աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք վերաբնակեցուած բնակավայրերուն մէջ երեք եւ աւելի երեխաներ ունեցող 82 ընտանիքի բաժնուած է 84 կով՝ 14 միլիոն 280 հազար դրամ ընդհանուր արժողութեամբ:
Նշենք, 2011ի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտարարած էր, որ կը նախատեսուի շուրջ 200 ընտանիք վերաբնակեցնել Արցախի մէջ: Մինչ վերաբնակեցուող շրջաններու մէջ կառավարութիւնը կ՛իրականացնէ համապատասխան աշխատանքներ, Արցախի որոշ բնակավայրերու մէջ եւս կ՛արծարծուի վերաբնակեցման հարց: Օրերս վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ հանդիպման ընթացքին Շուշիի շրջանի Մեծ Շէն գիւղի բնակիչները առաջարկած են իրենց գիւղը վերաբնակեցման գօտի յայտարարել: Անոնք նշած են, որ գիւղին մէջ միայն տարէցներ մնացած են ու շատ հաւանական է տարիներ ետք գիւղը դատարկման վտանգի դէմ յանդիման գտնուի: Ցաւօք, Արցախի մէջ, Մեծ Շէնէն բացի, կան այլ գիւղեր եւս, ուր բնակիչներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի, քանի որ երիտասարդները չեն մնար գիւղին մէջ: