9 Փետրուար 1885ին Ջաւախքի Գանձա գիւղին մէջ ծնաւ Վահան Տէրեան մեծ քնարերգակը, նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչը, որ իր 35ամեայ կարճատեւ կեանքին ընթացքին հայ գրականութեան անդաստանին մէջ ունեցաւ ազդու դերակատարութիւն, ձգեց հարուստ աւանդ եւ գրեց այնպիսի բանաստեղծութիւն մը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը տանի դէպի երկինք, եւ որ հայ քնարերգութիւնը բարձրացուց ու հասցուց եւրոպական ու ռուսական հարուստ գրականութեան մակարդակի։
Տէրեանի ծննդեան օրը երէկ՝ 10 Փետրուարին, տէրեանասէրները համախմբեց Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ՝ բանաստեղծի դամբարանին շուրջ։
Ներկայ էին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Տէրեանագէտներ, մշակոյթի ու արուեստի գործիչներ եւ ուսանողներ։
Տէրեան մշակութային կեդրոնի խորհուրդի նախագահ Առուշան Յակոբեան նշեց, որ Տէրեանի տողերուն մէջ մնայուն կերպով կը տրոփէր հայ ժողովուրդի ծով կարօտը, իւրաքանչիւր նոր սերունդի շրթներէն կրկին ու կրկին կը բարձրանայ վերջին պոէտը ըլլալու աղօթք դարձած տագնապն ու հոգեւոր Հայաստան մը կերտելու անխորտակ մարմաջը։ Ան ծնաւ ու ապրեցաւ բարդ ու հակասական հանգրուանի մը, եկաւ այն ատեն, երբ չէին սպասեր զինք, ըսաւ Յակոբեան։
Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան յիշեցուց, որ ամէն տարի Յուլիսի վերջաւորութեան Տէրեանի ծննդավայր Գանձայի մէջ կը կազմակերպուին տէրեանական օրեր, բայց տարուէ տարի անոնք աւելի անշուք կը դառնան։ «Տխուր է ու տխրութիւնը կամաց-կամաց կը փոխուի լացի»։ Այս տողերով իր մտահոգութիւնն ու ցաւը արտայայտեց Լեւոն Անանեան։
Հրապարակախօս Մերուժան Տէր Գուլանեանն ալ իր կարգին ընդգծեց, որ այնուամենայնիւ, Տէրեան մէկն է այն երջանիկ բանաստեղծներէն, զոր տակաւին կը սիրեն ու կը ճանչնան երիտասարդները։ «Հոգիի սովի մեր օրերուն շատեր կը սիրեն ու կը տառապին, կը կորսնցնեն, կը փնռտեն ու իրենց հոգեւոր գոյութիւնը կ՛իմաստաւորեն տէրեանական պատկերներով», ըսաւ Տէր Գուլանեան՝ աւելցնելով, որ այդ պատկերները աշակերտութեան կ՛ուղեկցին ութերորդ դասարանէն սկսեալ։