ԵՐԵՒԱՆ.– Ընդառաջելով «Գրական թեր»ի չորսամեայ խմբագիր Սամուէլ Կոսեանի խնդրանքին, Գրողներու միութեան նախագահութեան վերջին նիստին, իբրեւ նոր խմբագիրի թեկնածու առաջադրուած է մշակոյթի նախկին փոխնախարար Կարինէ Խոդիկեանը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կը ստանձնէ նոյն թերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը։ Խոդիկեան աշխատանքի պիտի սկսի Մարտ 1ին: Կը նախատեսուի նաեւ «Գրական թեր»չի կայքէջի ստեղծում: Նշենք, որ Սամուէլ Կոսեան աւելի քան չորս տարի ղեկավարած է թերթի աշխատանքները։ Ըստ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի, ան բաւական աշխատանք տարած է գրական շրջանակները պարբերականին շուրջը համախմբելու, ժամանակակից գրական արժէքները տարածելու, հայ հասարակական-քաղաքական կեանքին արձագանգելու եւ մտաւորական-գրական կարծիքներ թերթի էջերէն հնչեցնելու գծով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.