ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 13 Փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան հանդիպում-խորհրդակցութիւն ունեցած է հանրապետութեան ուժանիւթի համակարգին մէջ գործող համապատասխան կողմերուն հետ՝ գործադրուող ծրագիրներու առնչութեամբ: Անոնք անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կառուցուող ջրաելեկտրակայաններու շինութեան ընթացքին եւ արտասահմանեան ներդրողներու մասնակցութեամբ հեռանկարային նախագիծերուն:
Այդ եւ համագործակցութեան այլ հարցերուն նուիրուած հանդիպման ներկայ եղած են Եւրոպայի Հայկական ֆորումի նախագահ Աշոտ Գրիգորեան, Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի առաջին նախագահ Ֆրանդիշեգ Միգլոշգօ եւ սլովաք գործարարներ: