ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ հաղորդակցութեանց նախարար Պինալի Եըլտըրըմ Կիրակի, Փետրուար 12ին արտասանեց խօսք մը, որ զարմանք ու ցաւ պատճառեց հայկական շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ՝ յառաջադէմ մտաւորականութեան։
Նախարարը մասնակցած է Էրզինճանը ազատագրելու 94րդ տարեդարձին առթիւ կայացած մէկ ձեռնարկին եւ իր ելոյթին մէջ ըրած է տարօրինակ բաղդատութիւն մը։
«Ինչպէս այսօր, Ա. Աշխարհամարտի նախորդող, ապա անոր յաջորդող շրջաններուն ալ կային արտաքին ուժեր, որոնք հայերը կը շփացնէին ու կը կատղեցնէին։ Անոնց նպատակն էր հայերու յարձակումներով այս երկիրը տկարացնել եւ Անատոլուի մէջ մեզի մնացած հողամասերն ալ բաժան-բաժան ընել։ Նոյն մտայնութիւնը այսօր ալ կը գործէ։ Ֆրանսայի մէջ, Զուիցերիոյ մէջ եւ տակաւին բազմաթիւ երկիրներու մէջ, դժբախտաբար, կը գործադրուի հայկական բռնագրաւման մտայնութիւնն ու գործունէութիւնը», ըսած է հաղորդակցութեանց նախարարը։
Նախարար Եըլտըրըմ ըսած է, որ բռնագրաւուած ըլլալը թուրք ազգին վայել բան մը չէ ու այսուհետեւ այդպիսի բան մը երբե՛ք պիտի չպատահի։
Կարելի չէ հասկնալ, թէ նախարար Եըլտըրըմ ճշգրիտ կերպով ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ, որ «այսօր ալ կարգ մը օտար ուժեր կը շփացնեն ու կը կատղեցնեն հայերը»։