Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչները վրդովուած են քաղաքային իշխանութիւններու՝ Հայոց պատրիարքարանի տարածքին վրայ գտնուող կանգառի օգտագործումը արգիլող որոշումէն: Ըստ այդ որոշումին հայերը իրաւունք չունին մուտք գործելու կանգառ, կը հաղորդէ «Հաարեց» պարբերականը:
Ըստ թերթին՝ մեքենաներու կանգառատեղիի անբաւարարութեան հարցը Երուսաղէմի կեդրոնական մասի հիմնական խնդիրներէն է: Հրէական թաղամասին կողմէ օգտագործուող կանգառներէն մէկը մասնակիօրէն կը գրաւէ Հայոց պատրիարքարանի հողատարածքի մէկ մասը, որ վարձակալուած է հրէական թաղամասի զարգացման ընկերութեան կողմէ՝ 1970ականներէն ի վեր:
Տասնամեակներ շարունակ կանգառը օգտագործուած է ազատօրէն՝ բոլորին կողմէ, որոնց շարքին նաեւ հայերուն: Սակայն երկու տարի առաջ ընկերութիւնը որոշած է հայերուն արգիլել կանգառի օգտագործումը:
Անցած շաբաթ, հակառակ շրջանի հայ բնակիչներու եւ պատրիարքարանի ներկայացուցիչներու բողոքին, քաղաքապետարանի ծրագրաւորման եւ կառուցապատման յանձնաժողովը թոյլատրած է, որ ընկերութիւնը բանեցնէ արգելքը:
«Շատ տարօրինակ էր լսել հրէական թաղամասի բնակիչներու բոլորովին անհիմն փաստարկները իրենց հայ հարեւաններու կարիքներուն վերաբերեալ», յայտարարած է Մերեցի փոխքաղաքապետ Եոզէֆ Ալալուն՝ հանդէս գալով յանձնաժողովի որոշման դէմ:
«Ինչպէս է հնարաւոր, որ կանգառը բաց ըլլայ բոլորին համար, սակայն հայերուն արգիլուի անոր գործածութիւնը», հարց տուած է Ալալուն:
Կանգառի սեփականատէր ընկերութիւնը կը պնդէ, որ հայերը ունին իրենց ընդարձակ կանգառը 150մ. հեռաւորութեան վրայ: