
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանի վարժարաններու հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին եւս կարելի եղած է յաջողութեամբ շարունակել Հայաստանի գիւղական շրջաններու վարժարաններուն կահկարասիներ տրամադրելու աշխատանքը՝ ամբողջացնելով 7 վարժարաններ կահաւորելու աշխատանքը:
Մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը աշակերտներու յատուկ 262 նստարան-գրասեղաններ հասցուցած է Հայաստան, ինչպէս նաեւ՝ ուսուցիչներու յատուկ 65ական գրասեղաններ ու 65ական գրատախտակներ, որոնք յանձնուած են Արագածոտն մարզի Դաւիթաշէն գիւղի (նուիրատու՝ Ռապըրթ Մաթիկեան, ի յիշատակ Քրիսթին Յարութիւնեան-Մաթիկեանի), Արագածոտն մարզի Գառնահովիտ գիւղի (նուիրատուներ՝ Մոնէ Տէր Գրիգորեան, Նարէ Յովնանեան եւ Ռուբինա Մանուշխեհրի, ի յիշատակ Հարմիկ Եւ Սեդա Յովնանեաններու), Սիւնիք մարզի թիւ 8 եւ 12 վարժարաններու (ի յիշատակ Մերի Տէր Յակոբեանի կատարուած նուիրատուութիւններով), Արագածոտն մարզի Սուսեր, Ղազարաւան եւ Ափնա գիւղերուն (շնորհիւ Հայաստանի վարժարաններու հիմնադրամին կատարուած շարք մը նուիրատուութեանց):
Հիմնադրամի ատենապետ Արմէն Աբրահամեան կը յայտնէ, թէ 2011ը յաջող տարի մըն էր հիմնադրամի գործունէութեան համար, շնորհիւ դրամահաւաքի հասութաբեր շարք մը ձեռնարկներու եւ առատաձեռն նուիրատուութեանց:
2003ին հաստատուած հիմնադրամը ցարդ աշակերտական եւ ուսուցիչներու յատուկ 9000է աւելի գրասեղաններ հասցուցած է Հայաստանի գիւղերը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել
www.armeniaschoolfoundation.org կայքը: