
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Էդուարդօ Էռնեկեանի գլխաւորած արժանթինեան «Քորփորասիոն Ամերիկա»ն Փետրուար 6ին շահած է Պրազիլի երեք սեփական օդակայաններէն մէկուն հետ պայմանագիր կնքելու իրաւունքը: Յաղթելով 4.5 միլիառ ռէալով կամ 2.6 միլիառ ամերիկեան տոլարով՝ արժանթինեան-պրազիլեան «Ինֆրամերիկա քոնսորցիում»ը շահած է Պրազիլի օդակայանը 25 տարիով կառավարելու իրաւունքը: Համագործակցութեան մէջ ներգրաւուած են 50ական տոկոս մասնաբաժինով արժանթինեան «Քորփորասիոն Ամերիկա» ընկերութիւնը եւ պրազիլեան «Ինտրաւիքս էմպրենտիմիենտոս»ը:
«Քորփորասիոն Ամերիկա»ն, որ կը կառավարէ «Աէրոփորթոս Արժանթինա 2000»ի օդակայանները, եւ «Ինտրաւիքս»ը շահած են Պրազիլի «Փրեզիտենթ Խուսելինիօ Քուպիշէք» ճամբորդական համալիրի կառավարման իրաւունքը:
Արժանթինահայ Էդուարդօ Էռնեկեանի սեփականութիւնը հանդիսացող «Քորփորասիոն Ամերիկա»ն անցեալ տարուան Նոյեմբերին շահած էր նաեւ Նաթալի մէջ «Սան Կոնսալօ տօ Ամարանդ» օդակայանի բարելաւման պայմանագիրը: Արժանթինեան հսկան ծրագրային պայմանագիր պիտի կնքէ նաեւ Սան Փաոլոյի մօտ գտնուող երկու մեծ օդակայաններու համար:
Պրազիլի մէջ ճամբորդական նոր համալիրի պայմանագիրին կնքումէն երեք ամիս ետք, «Քորփորասիոն Ամերիկա»ն շրջանցած է Պրազիլի օդակայաններու շուկային մէջ իր մրցակիցները, քանի որ 2014ին իրականացուելիք աշխարհի առաջնութեան ընդառաջ՝ շատ մեծ հետաքրքութիւն կայ Պրազիլի օդակայաններու կառավարման իրաւունքի ձեռքբերման նկատմամբ:
Ըստ տեղեկութիւններուն, Էդուարդօ Էռնեկեանի ընկերութիւնը կը կառավարէ ընդհանուր առմամբ 48 օդակայան, որոնց 33ը՝ Արժանթինի մէջ, հինգը՝ Փերուի, ինչպէս նաեւ՝ Ուրուկուէյի, Իտալիոյ, Հայաստանի, Էքուատորի եւ Պրազիլի մէջ: