
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– «Նուր ուսումնական ռազմավարութիւն» կրթական ծրագիրով Արցախի առաջինէն չորրորդ դասարաններու աշակերտները ուսումնական ծրագիրները պիտի կատարեն համակարգիչով: Իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի ունենայ իր անձնական համակարգիչը, որ կրթական ծրագիրին համաձայն մշակուած է Մեսեչուսեցի ճարտարագիտութիւններու ուսումնարանին մէջ:
Ծրագիրը Արցախի մէջ կ՛իրականացուի արժանթինահայ բարերար Էդուարդօ Էռնեկեանի միջոցներով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Արցախի կառավարութեան աջակցութեամբ:
Փետրուար 7ին մայրաքաղաքի թիւ 3 դպրոցին մէջ՝ տարրական դասարաններու երկրորդ դասապահը յատկացուած էր նոր համակարգիչներուն։