
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի տնտեսական նախարար Տիգրան Դաւթեան նախարարութեան նիստերու դահլիճին մէջ Փետրուար 1ին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ գործող միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններուն հետ, ինչպէս՝ ՄԱԶԾի, ԱՄՀի, ԱՄՆ ՄԶԳի, ԵԱՀԿի, ՎԶԵԲի, ՄԱԿի եւ այլոց՝ նպատակ ունենալով քննարկել անոնց մասնակցութեան եւ աջակցութեան կարելիութիւնը Հայաստանի արտադրութիւններու արտածման վերաբերեալ արդիւնաբերական քաղաքականութեան ռազմավարութեան որդեգրման եւ գործադրութեան աշխատանքներուն:
Տ. Դաւթեան մասնակիցներուն ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ այս առնչութեամբ որդեգրուած առաջարկը եւ անոր իրականացման վերաբերող հետագայ քայլերը: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ նախատեսուած է այս ծրագիրին մէջ ներառել հիմնական 11 բնագաւառ՝ աւելցնելով, որ ճարտարագիտութեան, դեղագործութեան եւ քոնեաքագործութեան համար արդէն իսկ մշակուած են համապատասխան ռազմավարութիւններ: Աշխատանք կը տարուի միւս ութ բնագաւառներու ռազմավարութիւններուն եւ անոնց իրականացումը ապահովող միջոցներու մշակման ուղղութեամբ:
Մասնակիցները կարեւոր նկատած են այս ուղղութեամբ քննարկումներ կազմակերպելը, որպէսզի կարելի ըլլայ ռազմավարութիւնը առաւել համակարգուած եւ արդիւնաւէտ կերպով իրականացնել:
Հանդիպման աւարտին կայացած է համաձայնութիւն, ըստ որուն, նուիրատու կազմակերպութիւններուն կողմէ պիտի ներկայացուին ռազմավարութեան իրականացման հաւանական աջակցութեան վերաբերող առաջարկներ, որոնք պիտի քննարկուին յաջորդ հանդիպումին: