
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանի յաւերժական ազատութեան նուիրուած «Մարգար Պապը» ժապաւէնը ներկայացած է Յունուար 16-18 Մինսկի մէջ կայացած «Սինեմա Փերփեթիում մոպայլ» միջազգային փառատօնին եւ վկայականի արժանացած:
Փառատօնին մասնակցած են 35 երկրի 150 երիտասարդ բեմադրիչներ, ցուցադրուած է 180 ժապաւէն։ «Մարգար Պապը» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք փառատօնի դատական կազմի անդամ, «Պելոռուս վիտէօ կեդրոն»ի տնօրէն Եուրի Իկրուշա Գուժ Թադեւոսեանին առաջարկած է հայ-պելոռուսական ժապաւէն մը նկարահանել։
Նշենք, որ «Մարգար Պապը» շարժանկարը նկարահանուած է Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնին աջակցութեամբ: Անիկա պիտի ցուցադրուի նաեւ Մարոքի, Պերլինի, Լեհաստանի փառատօներուն:
Հեղինակն է Արթուր Մկրտչեան, բեմադրիչը՝ Գուժ Թադեւոսեան, իսկ դերակատարները՝ Կարէն Ջահանգիրով, Ժորա Դիլանեան, Լիոնիա Գալստեան, Նարեկ Աղեկեան։