ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին ներկայացուած թիւ 96 բանաձեւը, որ կ՛առնչուի Սումգայիթի, Քիրովապատի եւ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայերուն:

Բանաձեւը ներկայացուած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆելիփէ Ֆուենթեսի կողմէ, ի յիշատակ Սումգայիթի, Քիրովապատի եւ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայերուն. բանաձեւը կոչ կ՛ընէ օրէնսդիրներուն՝ յիշելու Ատրպէյճանի մէջ հայերու նկատմամբ կիրառուած ճնշումները, ինչպէս նաեւ ջարդերէն բոլոր տուժածները, որոնցմէ շատերը փախստականի կնիքով հասած են Միացեալ Նահանգներ:
«Ես պատիւ ունիմ առաջնորդելու նահանգային ժողովը, յիշելու Ատրպէյճանի մէջ գրեթէ 25 տարի առաջ տեղի ունեցած հայերու ջարդերը: Հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է հալածանքներու եւ Ցեղասպանութեան, եւ այդուհանդերձ, ան կը շարունակէ ծաղկիլ ու դարձած է Քալիֆորնիա նահանգի անբաժանելի մէկ մասը: Մենք միասնաբար կը յիշենք անցեալի վայրագութիւնները, որպէսզի ապագային անոնք դարձեալ չկրկնունին», նշած է Ֆուենթես:
Աշխատանք կը տարուի բանաձեւը վաւերացնելու մինչեւ Փետրուար 27, որ Սումգայիթի ջարդերուն տարելիցն է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Հայ Դատի գրասենեակ՝ (818) 500-1918 թիւով: