«Այս Համայնքը Պէտք Է Ինքզինք Արդարացնէ Որպէս Սփիւռքի Կազմակերպուած Ամէնէն Հայաշատ Գաղութը», Յայտարարեց Աւետիք Իզմիրլեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ մեր ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար ըլլալու եւ պայքարելու իրականութեան առընթեր՝ մեր ուխտի վերանորոգման հրապարակային այն հանդիսութիւնն է, ուր, մեր խօսքին ու պատգամին կողքին, մշակոյթով ու գեղարուեստով համեմուած՝ կը տօնենք տարեդարձը այն կուսակցութեան, որ ծնունդ առաւ իր ժողովուրդի տառապանքէն՝ որպէս պատմական անհրաժեշտութիւն, ու իր գրկին մէջ ծնունդ տուաւ գաղափարի մարտիկներուն, որոնք հայութեան ազատագրութեան պայքարի բոլոր հանգրուաններուն, Սասնոյ լեռներէն՝ մինչեւ Սփիւռք, մինչեւ Արցախ, զոհաբերութեան ու նահատակութեան հերոսական պատմութիւն կերտեցին։
Այսօր, կը շարունակենք կերտել պատմութիւնը, որովհետեւ մեր ազգային-հաւաքական ամէն մէկ օրը ծանրակշիռ ու ճակատագրական նշանակութիւն ունի։ Հայութեան եւ Հայաստանի ապահովութիւնն ու ամրացումը եւ մեր արդար դատի հետապնդումը ամէնօրեայ կռիւ է, որոնց համար Դաշնակցութիւնը դադար չէ առած եւ պիտի չդադրի գործելէ ու լաւագոյնը զոհաբերելէ։ Մեր պետութեան ամրակայման եւ ազգի իրաւունքներու ձեռքբերման պայքարը այսօր գլխաւորաբար փոխադրուած ըլլալով քաղաքական դաշտ, Հայաստանի մէջ թէ՝ արտասահմանի, կը դնէ մեզ տարբեր բեմերու վրայ նորանոր մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնց սակայն դիմագրաւելու միշտ պատրաստ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ամբողջական հասկացողութեամբ յեղափոխականի իր դիմագիծով։
Դաշնակցութեան էութիւնն ու իր գործի ամբողջ ներուժը ամփոփուած են իր գաղափարական համակարգին մէջ: Դաշնակցութիւնը կը ձգտի անհատի ազատագրութեան, եւ ազգի ամբողջական ազատագրութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան։ Անհատի ազատագրութիւնը բռնատիրութենէն՝ սեփական կամքով տնօրինելու իր կեանքը, ազատագրութիւնը՝ ընկերային եւ տնտեսական կաշկանդումէ, բռնութենէ, շահագործումէ եւ բոլոր այն կապանքներէն, որոնք կ՛արգելակեն հայ մարդուն ազատ զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը։
Այսօր հպարտ եւ ուրախ ըլլալով հանդերձ, որ ունինք վերանկախացած հայրենիք, եւ գիտակցելով որ կարգ մը բնագաւառներու մէջ կարեւոր յառաջդիմութիւններ արձանագրուած են, պէտք է սակայն շեշտենք, որ ունինք նաեւ շատ ընելիքներ՝ հայ մարդու ազատութիւնը ապահովելու իր իսկ հայրենիքին մէջ։ Եթէ Օսմանեան բռնատիրութեան օրով եղածը ժողովուրդի մը ուղղակի կեղեքումն էր, այսօր ի՞նչ անուն կրնանք տալ մեր հայրենիքին մէջ իշխանաւորներու հովանաւորութեամբ արմատներ նետած փտախտին, ժողովրդավարական արժէքներու եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն, սանձարձակօրէն գործող օլիկարխներու տիրապետող ներկայութեան, երբ կը չարաշահուի ազգային հարստութիւնը ու կը զլացուի մեր ժողովուրդին արժանի բարօրութիւնը՝ համատարած ընկերային անարդարութեան ու աղքատութեան ենթարկելով զայն, որոնց բերումով հայ մարդը յուսահատ՝ կը դիմէ արտագաղթի։ 20րդ դարու թրքական եաթաղանով գործադրուած Ցեղասպանութենէն շուրջ 100 տարի ետք, դժբախտ իրողութիւն է այսօր, որ վերանկախացած Հայաստանը քսանամեակի մը մէջ կը հայաթափուի աւելի քան մէկ միլիոնով։
Իրաւունք չունինք մենք մեզի թոյլ տալու, որ շարունակուի այս իրավիճակը, որովհետեւ ո՛չ միայն անարդար է հայրենի մեր ժողովուրդին համար, այլեւ շատ վտանգաւոր՝ նոյնինքն հայրենիքի անվտանգութեան համար։
Այս իմաստով է, որ սիրելիներ, շա՜տ ընելիք ունի Դաշնակցութիւնը հայրենիքի մէջ, առանց դադրելու ամէնօրեայ պայքարէն, որ կ՛ընդգրկէ՝ ազգի ազատագրութեան պայքարը, հայրենի պետականութեան ամրակայումը, Արցախի հարցի հայանպաստ վերջնական լուծումը, Թուրքիոյ հետ ստորագրած ազգավնաս փրոթոքոլներէն Հայաստանի ստորագրութիւնը ետ առնելը, պատմական իրաւուքներու ձեռքբերումը, ու շա՜տ-շա՜տ հիմնահարցեր։ Այո, շա՜տ ընելիքներ ունի Դաշնակցութիւնը՝ վերանկախացած Հայաստանի սահմաններէն ներս իր գաղափարական եւ բարոյական ամբողջական կշիռը ի գործ դնելով։ Շուտով կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն առիթով, հեղինակազրկուած պետական այրերու սեփական շահերէն մեկնած սակարկումը այս կազմակերպութեան հետ մերժելի է, որովհետեւ Դաշնակցութեան համար առաջնայինը եւ գերադասը միայն ու միայն ազգային շահը եւ ժողովուրդի բարօրութիւնն է։
Դաշնակցութեան համար հիմնական է իշխանափոխութիւնը՝ ներկայ տիրապետող համակարգի ամբողջական ու խորքային փոփոխութեամբ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը աւելի քան 120ամեայ իր պատմութեան ընթացքին, գործած է ու պիտի գործէ՝ հաստատ մնալով իր գաղափարական սկզբունքներուն վրայ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ժողովուրդի մը գոյատեւումը առաջին հերթին պայմանաւորուած է գաղափարի հանդէպ անոր ունեցած հաստատ հաւատքով ու այդ գաղափարի պաշտպանութեան ու յաղթանակին ի խնդիր անոր անդադրում պայքարով։
Կարեւորութեամբ կը շեշտենք հոս, որ իր արժէքային համակարգի պահպանման, շարքերու վերաթարմացման ու ժամանակին հետ քայլ պահելու նախանձախնդրութենէն մեկնած, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մշտական պահանջ ու հրամայական դրած է իր շարքերու գաղափարական ամրութեան պահպանումը: Դաշնակցութիւնը, ինքնաքննադատութեան ու ինքնարժեւորման ճամբով, իր գործերու արժեւորումն ու գնահատումը կատարած է ու կը շարունակէ կատարել, ոչ թէ ինքնաքննադատութեան սիրոյն այլ իր թերութեանց դէմ յանդիման կանգնելու, եւ ինքզինք սրբագրելու նպատակով։
Գաղափարապաշտ յեղափոխականի պայծառ նկարագիրը մեզի կը պարտաւորեցնէ որ յեղափոխական բառի ամբողջական հասկացողութեամբ՝ առանց ընկրկումի պայքարինք մեր հայրենիքին մէջ ընկերային արդարութեան հաստատման եւ հայ մարդու ամբողջական ազատագրման ի խնդիր։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն տարբեր տրամաբանութեամբ մեկնաբանել մեր գործը, չարաչար պիտի սխալին, որովհետեւ գաղափարական պարունակէ զուրկ, շուկայական «իրապաշտութենէ» մեկնած անոնց հաշուարկումները ուշ կամ կանուխ սխալ դուրս պիտի գան։
Այս պարունակէն ներս, նաեւ արտերկրի հայ համայնքները, յա՛տկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը, կարեւոր դերակատարութիւն պէտք է ունենան հայրենիքի մէջ ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած ժողովրդավար իրաւակարգի ստեղծման գործին մէջ։ Թշնամիի յարձակումներուն կուրծք տուող զինուորը օդի եւ ջուրի նման կարիքը ունի երկրի սահմաններէն ներս հողին ամրօրէն կառչած իր հայրենակիցներու ամբողջական զօրակցութեան։
Հայութեան կարելիութիւնները հսկայական են այս գաղութին մէջ՝ մտաւորական, տնտեսական, գիտական, արհեստագիտական, քաղաքական, քարոզչական ու այլ բնագաւառներու մէջ։ Կը մնայ որ այդ բոլորը նպատակաուղղուած ձեւով ծառայեցուին հայութեան եւ Հայաստանի շահերուն։ Այս համայնքը պէտք է ինքզինք արդարացնէ որպէս սփիւռքի կազմակերպուած ամէնէն հայաշատ գաղութը։ Կարեւորը այն է սակայն, որ բոլոր կառոյցները առաջին հերթին դերակատար դառնան համագործակցութեան մթնոլորտի պահպանման ու առաւել բարելաւման, որովհետեւ միայն միացած, հզօր եւ ինքնուրոյն համայնք մը պիտի կարենայ գործնականօրէն օգտակար դառնալ հայութեան ու հայրենիքին եւ համագործակցիլ հայրենի պետութեան հետ։
Ինքնուրոյն հայ համայնքի կայացած կառոյցներն են, որոնք պիտի նախաձեռնեն ու ղեկավարեն գաղութային կամ համահայկական որեւէ գործունէութիւն կամ միջոցառում։ Ազգային խնդիրներով տագնապող ու տասնամեակներու վրայ կայացած այս գաղութը առիթը պէտք չէ տայ այն նախաձեռնութեանց, որոնք դժբախտաբար գրգռութիւններու եւ պառակտումի դուռ կը բանան համայնքէն ներս։ Այս գաղութը պերճանքը պէտք չէ ունենայ ներքին տարակարծութիւններով ժամանակ վատնելու, ու ղեկավարներ՝ պէտք է առաջնորդուին միայն ու միայն համայնքի ու ազգի ընդհանրական շահերով։
Այս առիթով կը շեշտենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի միջոցառումներու կազմակերպման կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը, որուն համար միասնականութեամբ եւ համախումբ աշխատանքով պէտք է առաւելագոյն տարողութիւն, հնչեղութիւն եւ քաղաքական կշիռ տալ այդ գործին։
Այսօր սիրելիներ, կը գտնուինք Հայ Դատի պահանջատիրութեան պատմական հանգրուանի մը մէջ, ուր Ցեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանէն քայլ մը անդին՝ պատմական իրաւունքներու վերականգնումի՝ հատուցման պահանջի հանգրուանին մէջ ենք։ Շնորհիւ այդ ուղղութեամբ Հայ Դատի գրասենեակներու ճամբով տարուած հսկայական աշխատանքներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց, քուէներու գրեթէ միաձայնութեամբ, բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ՝ վերադարձնել բռնագրաւեալ եկեղեցիներն ու կալուածները՝ իրենց օրինական տէրերուն։ Այս մէկը հանգրուան մըն է, որմէ ետ քայլ պիտի չկատարենք, այլ միայն ու միայն առաջ պիտի ընթանանք՝ յաւելեալ թափ ու մղում տալով այս գործին։
Միեւնոյն ժամանակ, կը շարունակենք Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, որուն ցայտուն վերջին յաջողութիւններէն մէկն է՝ տասնամեակներու ընթացքին քաղաքականօրէն հասունցած ֆրանսահայ գաղութի Հայ Դատի ճիգերուն որպէս արդիւնք՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը։ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով Հայ Դատի կողմէ տարուող աշխատանքները իրենց լրումին պիտի հասցնենք՝ նոյնինքն ցեղասպանին՝ Թուրքիոյ կողմէ իր յանցանքի ընդունման, եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման ճամբով։
Հայաստանի ու համահայկական շահերու հետապնդման կողքին, ունինք նաեւ մեր համայնքի անսահման կարիքներն հոգալու պարտաւորութիւնը, ու այս աշխատանքները արդիւնաւորելու համար մարդկային եւ նիւթական հսկայական միջոցներու կարիքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը զգացուի։ Այսօրուան գաղափարազուրկ ու ապաքաղաքականացած միջավայրին մէջ բարեբախտաբար ունինք հայութեամբ հպարտ ու իր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստ երիտասարդ սերունդ մը, որուն հանդէպ պէտք է առաւելագոյն գուրգուրանքը ցուցաբերենք եւ ընդարձակենք անոնց շարքերը։ Հոս կարելի չէ չյիշել Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներու առիթով նուիրեալ ու գիտութեամբ զինուած բանակը հազարաւոր հայ երիտասարդներու, որոնք իրենց անկոտրում կամքով եւ պայծառ տեսլականով յոյս կը ներշնչեն մեր ժողովուրդի ապագային նկատմամբ։ Կարելի չէ չյիշել նաեւ ազգային առաքելութեան նուիրուած քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, հայրենակցական, կրօնական բոլոր այն կառոյցները, որոնք հայը հայկականութեամբ զինելու գործին մէջ ոչինչ կը խնայեն։ Գնահատանքի յատուկ խօսք այդ կառոյցներու նուիրեալներուն, ու բոլոր անոնց, որոնք իրենց վաստակէն բաժին կը հանեն մեր ժողովուրդին։
Սիրելի հայորդիներ,
Ազատութեան ու արդարութեան անհաշտ պայքարին մէջ, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ բարձր պահել յառաջապահի իր Դրօշը, առանց ընկրկումի ու յուսայատութեան։
Զինուած՝ իր գաղափարական հանգանակով ու իր անմահ հերոսներու պատգամով՝ Դաշնակցութիւնը ըլլա՛յ հայրենիքի, թէ՛ արտասահմանի մէջ, կը շարունակէ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար իր անսասան երթը՝ դէպի ամբողջական յաղթանակ։