ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ծանօթ է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Երկուշաբթի, Յունուար 23ին հաստատեց Ազգային ժողովին կողմէ ամիս մը առաջ որդեգրուած այն օրէնքը, որ ոճիր կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումի կամ ժխտումի որեւէ քայլ։
Այս առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, յանուն Արեւմեան թեմին, նամակ մը յղեց Լոս Անճելըսի մօտ Ֆրանսայի հիւպատոս Տէյվիտ Մարթինոնի, ողջունելով Ֆրանսայի խորհրդարանի քաջարի որոշումն ու շնորհակալութիւն յայտնելով օրէնքը հաստատող խորհրդարանականներուն։
«Ուրախ ենք ու խորապէս զգացուած՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին այս որոշումին համար. բարձր գնահատանքի ու դրուատիքի արժանի են այն խորհրդարանականները, որոնք մեծամասնութեամբ հաստատ մնացին իրենց սկզբունքային կեցուածքին վրայ ու արիաբար քուէարկեցին ի նպաստ օրէնքին, հակառակ պատժամիջոցներ որդեգրելու մասին Թուրքիոյ սպառնալիքներուն։ Այս օրէնքին հաստատումը յաղթանակ է ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ ցեղասպանական արարքներու բոլոր զոհերուն համար, որովհետեւ անիկա յստակ պատգամ մըն է թէ մարդկային իրաւունքներն ու արդարութիւնը չեն կրնար արհամարհուիլ։ Անհամբեր կը սպասենք, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն, նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր ստորագրութեամբ հաստատէ այս օրէնքը։ Նաեւ կը յուսանք, որ այլ երկիրներ եւս հետեւին Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումին եւ միասնաբար կարենանք վերջ տալ Թուրքիոյ հերքումի շարունակական փորձերուն», գրած է առաջնորդ սրբազանը իր նամակին մէջ՝ աւելցնելով, որ «նախագահ Սարքոզի, Ֆրանսայի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը մեր ամէնէն ջերմ զօրակիցներէն են, որուն համար ընդմիշտ երախտապարտ ենք։ Կը խնդրենք, որ նախագահ Սարքոզիի փոխանցէք մեր շնորհակալութիւնն ու դրուատիքը՝ այս բանաձեւին անձամբ զօրակցութեան ու յանձնառութեան համար, նաեւ՝ խորհրդարանի անդամներուն՝ իրենց ազնիւ որոշումին համար»։