ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆՆԷՍ
Կիրակի, Յունուար 15ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան եւ հովանաւորութեամբ 24 Ապրիլի Հայկական միացեալ մարմինին, նշուեցաւ հինգերորդ տարելիցը Պոլսոյ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան:
Երեկոն սկսաւ յայտնի տուտուկահար Ալպէրթ Վարդանեանի մելանոյշ մեղեդիներով:
Ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմետեան թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, դատախազ Զաւէն Սինանեան, 24 Ապրիլի Հայկական միացեալ մարմինի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, թուրք պատմաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայ գրողներու միութեան անդամներ, իրաւաբաններ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ Հրանդ Տինքի յիշատակը յարգողներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու յիշատակը հանգուցեալ Հրանդին:
Տոքթ. Աւետիքեան հակիրճ բացատրութիւն տուաւ Հրանդի կեանքին, խիզախութեան, հայ եւ թուրք ազգերու մերձեցման հաւատքին, միասնաբար ապրելու գաղափարին ու խօսքի ազատութեան համար անոր տարած պայքարին մասին: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկը յաջողցնող բոլոր անձերուն: Ան հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը՝ Պոլսահայ միութեան հոգաբարձական մարմինի վարչութեան ատենապետ եւ Հայ իրաւաբաններու միութեան կաճառի ատենապետ Էտուին Մինասեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ հեռուստատեսիլի տեղական եւ թրքական կայաններու պատասխանատուներուն, որոնք օրուան յայտագիրը կը սփռէին:
Ան հրաւիրեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, որ ընթերցեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ուղարկած Օրհնութեան Գիրը, որուն մէջ կը շեշտուէր, թէ Հրանդ Տինք պոլսահայոց նահատակը չէ միայն, այլ՝ համայն հայութեան ու մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող բոլոր ժողովուրդներուն նահատակը:
Հանդիսավարը իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Տինք զոհը եղաւ ատելութեան եւ մոլեռանդութեան, ճշմարտապէս սիրեց իր ծննդավայրը՝ իր առաջնակարգ մտահոգութիւնը ըլլալով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչումը, եւ նպատակակէտ ունենալով փոխադարձ խօսակցութեամբ համաձայնութեան մը յանգիլ հայ եւ թուրք ազգերուն միջեւ:
Ան նաեւ հրաւիրեց Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը՝ իր սրտին խօսքը փոխանցելու: Յովհաննէսեան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը հարիւր տարի առաջ ոչ միայն կորսնցուց պատիւ, այլ՝ ողջ քաղաքակրթութիւն, մշակոյթ եւ հազարամեայ ինքնութիւն: Ան շեշտեց որ, եթէ մեր կեանքի ընթացքին պիտի հասնինք ճշմարտութեան յաղթանակին, ուրեմն հայ մարդը եւ Հայոց հողը զիրար պիտի գտնեն. այս է Հրանդ Տինքի ժառանգութիւնը, թողած պատգամը եւ կիսաւարտ աշխատանքը:
Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց նաեւ տուտուկահար Ալպէրթ Վարդանեանը՝ անոր հակիրճ կենսագրականը կարդալէ ետք: Վարդանեան նուագեց «Տըլէ Եաման» եւ «Սիրեցի Եարս Տարան» մեղեդիները: Ապա հրաւիրուեցաւ «The Armenian Observer» շաբաթաթերթի տէր եւ տնօրէն փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը, որ յայտնեց, թէ Հրանդ Տինք միայն հայերու հարցով չէր զբաղեր, այլեւ՝ արաբներու, հրեաներու, թուրքերու: Ան խօսեցաւ Տինքի անսահման քաջութեան, անվախութեան եւ ոչ միայն լաւ հայ ըլլալուն մասին, այլ նաեւ՝ լաւ մա՛րդ ըլլալուն եւ այդ լաւութինը շատ ժողովուրդներու փոխանցած ըլլալուն մասին:
Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսաերիզ մը, ուր փրոֆ. Քէշիշեան Տինքի հետ հարցազրոյց մը ունեցած էր ութ տարի առաջ՝ նիւթ ունենալով քաղաքական հարցերը եւ հայ-թուրք փոխյարաբերութիւնները:
Գեղարուեստական յայտագիրով բեմ հրաւիրուեցաւ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի անդամուհի Իլտա Թանօղլու, որ մեներգեց Հրանդի նախասիրած երկու երգերը՝ «Սարը կելին»ը եւ «Սարերի հովին մեռնեմ»ը:
Ապա հանդիսավարը ընթերցեց պատմաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամի կենսագրականը եւ հրաւիրեց զայն, որպէսզի խօսի Թուրքիոյ ներկայ դիրքին մասին՝ Տերսիմի ջարդերուն համար ներողութիւն խնդրելէ ետք: Աքչամ յայտնեց, թէ որքա՛ն իրաւախոհութեամբ աւարտին աւանդական ուժերը, նոյնքա՛ն պիտի աւելնայ Ցեղասպանութեան ուրացումը: Հրանդ Տինքը թէ՛ կղպանքն էր եւ թէ բանալին Թուրքիոյ հանրապետութեան գաղտնի սենեակին, եւ անոր կտակն էր պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու մարդկային իրաւունքներու համար:
Վաչէ արք. Յովսէփեան իր կարգին խօսեցաւ մահուան երկու երեւոյթներու մասին՝ բնական եւ նահատակեալ: «Նահատակները անոնք են, որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն սկզբունքի համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Հրանդ Տինք նահատակ մըն էր պատմութեան մէջ»:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի պահ, ինչպէս նաեւ՝ հիւրասիրութիւն: