ԳԱՀԻՐԷ, «Արմաւենի».- Ըստ Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանատան հաղորդած տուեալներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան օրէնքին հիման վրայ հայաստանեան քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած եգիպտահպատակ հայերու թիւը հինգ անգամ բարձրացած է 2011ի աւարտին:
Եգիպտահայ ՀՀ երկքաղաքացիներու ընդհանուր թիւը բարձրացած է 151ի՝ Դեկտեմբեր 31, 2011ի դրութեամբ, բաղդատմամբ 27 երկքաղաքացիի՝ 2010ի տարեվերջին, կը տեղեկացնէ Սմբատ Խաչատրեան՝ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեանի օգնականը:
ՀՀ երկքաղաքացիութիւն շնորհելու գործընթացը սկսած է Յունիս 2009ին: