
ՄՈՍԿՈՒԱ.– Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին Աստրախանի մէջ հրատարակուած է «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդները» գիրքը։ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեանի օրհնութեամբ, Խադ քահանայ Ղազարեանի նախաձեռնութեամբ, մեկենասութեամբ աստրախանաբնակ Արթուր Խաչատրեանի եւ Կարէն Գրիգորեանի Աստրախանի «Ս. Հռիփսիմէ» եկեղեցին լոյս ընծայած է այս գիրքը։
Պէտք է նշել, որ Աստրախանի երբեմնի հայաշատ համայնքին մէջ վերջին անգամ հայերէնով հրատարակուած է 1919-1920ի եկեղեցական օրացոյցը: