ՀԱԼԷՊ.- Դեկտեմբեր 28ին, Հալէպի մօտ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգսեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Հալէպի Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքապետներու հովանաւորութեամբ գործող Ազգային ծերանոցը եւ «Արեւիկ»՝ յատուկ խնամքի կարիք ունեցող երեխաներու կեդրոնը:
Հաստատութիւններու ղեկավարներուն եւ պատսպարեալներուն փոխանցուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձն ու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահին դրամական աջակցութիւնը:
Հաստատութիւններու ղեկավարութիւնները խնդրած են իրենց շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը փոխանցել Հայաստանի նախագահին, արդէն երկրորդ տարին ըլլալով անոր ցուցաբերած հոգատարութեան եւ զօրակցութեան համար:
«Արեւիկ» կեդրոնի սաներուն կատարումով տեղի ունեցած է համեստ համերգ մը: Հայաստանի նախագահին ուղերձն ու դրամական օժանդակութիւնը փոխանցելու նպատակով, կը նախատեսուի նաեւ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսին այցելութիւնը Հալէպի Ազգային պատսպարան: