
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՕՄի ձմեռնային փառատօնը՝ «Winter Wonderland 2012»ը, տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204), Շաբաթ եւ Կիրակի, Յունուար 14-15ին: Շաբաթ օրը փառատօնը բաց պիտի ըլլայ կ.ա. 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10, իսկ Կիրակի օրը՝ կ.ա. 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:
Երեխաները առիթ պիտի ունենան ձիւնով եւ բազմաթիւ այլ խաղերով խաղալու: Պիտի ըլլան նաեւ աճպարարային ու պարային ներկայացումներ:
Մէկ օրուան մուտքի սակը 3 տոլար է, իսկ երկու օրուան համար՝ 5 տոլար: