
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դեկտեմբեր 21ին, առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեան, ներկայացնելով առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը՝ Ալիս Չաքըրեանի ղեկավարութեամբ, ընկերակցութեամբ քահանայութեան թեկնածու Սարգիս սրկ. Էյլանճեանի եւ քանի մը կամաւորներու, այցելեցին «Children՛s Hospital»ը եւ սիրալիր կերպով դիմաւորուեցան հիւանդանոցի հոգեւոր բաժանմունքի պատասխանատու Տակմար Կրիֆիի կողմէ: Ներկայ էին նաեւ հիւանդանոցի այլ հոգեւորականներ: Կրիֆի իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ տօնական այս օրերուն յատուկ գուրգուրանքի եւ ուշադրութեան կ՛արժանացնէր հիւանդանոցի փոքրիկները՝ իրենց խաղալիքներ տրամադրելով: Ան պայմանաւորուած է ամէն տարի շարունակել այս գեղեցիկ աւանդութիւնը եւ աւելի սերտացնել առաջնորդարանի եւ հիւանդանոցի յարաբերութիւնն ու համագործակցութիւնը: