ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- Արցախի կառավարութեան առընթեր թռիչքներու վարչութեան պետ Տմիթրի Ատպաշեան յայտնած է, որ Ստեփանակերտի մօտ կառուցուած օդակայանը պիտի սկսի գործել այն ատեն, երբ ստանան Էռնեկեանի կողմէ նուիրուած օդանաւը:
Անդրադառնալով օդակայանի շահագործման պարագային Ատրպէյճանի կողմէ հաւանական խոչընդոտներուն՝ Ատպաշեան նշած է. «Ատրպէյճան ստորագրած է միջազգային համաձայնագիր, որմով ան պարտաւորուած է չսպառնալ ուղեւորատար օդանաւերու անվտանգութեան»:
«Արցախ- Էրոնաւիկացիա»ի տնօրէն Նորայր Սաֆարեան իր հերթին նշած է. «Եթէ Ատրպէյճան համաձայնի համագործակցիլ, ապա պիտի կրնայ Արցախի միջոցով իրականացնել Նախիջեւան-Պաքու թռիչքներ»: Այս մասին կը յայտնէ «Արցախ Նիւզ»ը: