
ՌԵՏՄԸՆՏ.- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2011ը հոգեկան ցնծութեան եւ հրճուանքի օր մըն էր Սիէթըլի Հայց. եկեղեցւոյ համայնքին համար: Հակառակ անձրեւին, մեծ թիւով հաւատացեալներ ժամանեցին Ռետմընտ գնտուող եկեղեցին, ուր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, մասնակցութեամբ ծուխի հոգեւոր հովիւ Եղիա քհնյ. Իսայեանի եւ սարկաւագներու, կատարեց եկեղեցւոյ Նաւակատիքի արարողութիւնը եւ գլխաւոր գմբէթի խաչին օծումը:
Արարողութեանց աւարտին սրբազան հայրը տուաւ իր ներշնչիչ պատգամը եւ իր բարձր գնահատութիւնը յայտնեց հոգեւոր հովիւին, ծխական խորհուրդին եւ շինութեան յանձնախումբին՝ իրենց կատարած նուիրեալ եւ տքնաջան աշխատանքին համար:
Սրբազանը ըսաւ, որ եկեղեցւոյ կառուցումը չափազանց կենսական էր փոքրիկներուն համար, եւ օրհնելէ ետք զանոնք, հրաւիրեց զիրենք համբուրելու օծեալ խաչը: Ապա յայտնեց, թէ ինք խնդրած է Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն, որ Արեւմտեան թեմ իր յաջորդ այցելութեան ընթացքին Սիէթըլ եւս այցելելով՝ կատարէ եկեղեցւոյ գլխաւոր խորանին օծումը:
Օծեալ խաչը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցիէն դուրս եւ զետեղուեցաւ գմբէթին վրայ՝ հոգեկան յուզում եւ երջանկութիւն պատճառելով հաւատացեալներուն:
Եկեղեցւոյ ամբողջական կառուցումը պիտի աւարտի շուտով եւ առաջնորդին ձեռամբ օծումը պիտի կատարուի Յունուար 14, 2012ին, իսկ անդրանիկ Ս. պատարագը սրբազան հօր կողմէ պիտի մատուցուի Կիրակի, Յունուար 15ին: