
ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին անդրադարձաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման, եւ թրքական կողմին կոչ ուղղեց՝ յարգելու ֆրանսական կողմի համոզումները։
«Ես յարգանքով կը վերաբերիմ մեր թուրք ընկերներուն։ Թուրքիա շատ մեծ երկիր է եւ շատ մեծ մշակոյթ ունի։ Սակայն, անոնք եւս պէտք է յարգանքով վերաբերին մեր դիրքորոշման», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը։
«Ֆրանսա ոչ մէկուն դասեր կու տայ, բայց չի փափաքիր դասեր ստանալ նաեւ ուրիշներէն: Ֆրանսան իր քաղաքականութիւնը կ՛որդեգրէ իր կամքով», աւելցուց ան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէի իր կարգին յայտարարեց, որ Էրտողանի յայտարարութիւնները չափազանցուած են։ Ան ափսոսանք յայտնեց Թուրքիոյ հակադարձութեանց նկատմամբ եւ զսպուածութեան ու խելամտութեան կոչ ըրաւ Թուրքիոյ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի օր, Ֆրանսան ամբաստանեց Ալճերիոյ եւ Ափրիկէի այլ երկիրներու մէջ ցեղասպանութիւններ գործելուն համար։ Ան ըսաւ, որ «եթէ Սարքոզի այդ մասին չի գիտեր, թող Ալճերիոյ մէջ ֆրանսական բանակին մէջ ծառայած իր հօր հարցնէ»։
Միւս կողմէ, «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր Հինգշաբթի օր յայտնած է, որ «անշուշտ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ լաւ յարաբերութիւններ կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ անոնք պիտի կարենան իրենց տարակարծութիւնը լուծել»։ Բանաձեւին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Թոնըր բաւարարուած է նշելով, որ ամերիկեան վարչակազմը կը շարունակէ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման զօրակցիլ»։