ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» եւս կաղանդի նուէրներ ստանալու անձկութեամբ կը սպասէ Նոր Տարիին: Նուէրներու մէկ կարեւոր մասը հասած է խմբագրութիւն՝ Նոր Տարուան «Ասպարէզ»ի յատուկ թիւի հովանաւորներու միջոցաւ: Այդ նուէրներուն շնորհիւ, թերթը յաջորդ տարուան մէկ կարեւոր մասին իր անմիջական կարիքները կ՛ապահովէ: Շնորհակալութիւն մեր բոլոր հովանաւորներուն, որոնք իրաւամբ մեր թերթի կաղանդ պապիկներն են: Եթէ ուզէք միանալ այդ խումբին, դեռեւս մինչեւ գալիք Երեքշաբթի օր ժամանակ ունիք կապուելու խմբագրութիւն ու ձեր Նոր տարուան նուէրը կամ հովանաւորութեան չափը յայտնելու մեզի:
Կրնաք, անշուշտ, «Ասպարէզ»ի բաժանորդագրութիւն նուիրելով ձեր բարեկամին՝ թէ՛ մեզի եւ թէ անոր համար կաղանդ պապ դառնալ:
Կը փնտռենք նաեւ ճոխ նուէրներ բաժնելու հակամէտ ձմեռ պապիկ մը, որ կարդայ մեր հետեւեալ նամակը.
Սիրելի Կաղանդ պապա,
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կարիք ունի թարմացնելու իր համակարգչային սարքերը, որոնց օգտագործման բոլոր հնարաւորութիւնները արդէն վաղուց մաշած են: Այս «խաղալիքները» կենսական են, որպէսզի կարենանք նոր ծրագիրներ իրականացնել ու թերթի անխափան հրատարակումը ապահովել:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը նաեւ կը ծրագրէ հազարաւոր հայ երիտասարդներու հայերէնով համացանցային արագ լուրեր ուղարկել: Կը ծրագրենք նախ հաւաքել հայերէն լեզուին քիչ թէ շատ տիրապետողներու ելեկտրոնային հասցէները, եւ յատուկ համակարգչային ծրագիրով մը, ինչպէս կը կատարուի անգլերէնի պարագային, հայերէնով ալ նոյնպէս օրուան ընթացքին մէկ կամ երկու անգամ այդ հասցէներուն փոխանցել հայութեան առնչուող կարեւոր լուրեր:
Եթէ հայապահպանութեան գործին մէջ կարեւոր նկատէք այս ձեռնարկը՝ եղէ՛ք մեր այս տարուան գլխաւոր ձմեռ պապը եւ մեզի օգնեցէ՛ք իրականացնելու այս երկու ծրագիրները: