ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Հասիպ Քափլան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին վերաբերեալ Ֆրանսայի խորհրդարանին որոշումը չէ դատապարտած, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ իշխանաւորներուն կողմէ Ֆրանսայի դէմ «աժան հակադարձութիւնները ոչ մէկ հարց կրնան լուծել»:
«Կը մօտենանք 2015 թուականին: Շատ երկիրներ պիտի հետեւին Ֆրանսայի օրինակին: Թուրքիան խնդիրներ ունի իր սեփական ժողովուրդին հետ: Յիշեցէ՛ք Տերսիմի, Մարաշի, Մալաթիոյ կոտորածները, 1990ականների կոտորածները: Աւելի լաւ է որ Թուրքիոյ խորհրդարանը քաջութիւն դրսեւորէ եւ ի՛նք քննարկէ այդ հարցը: Հիթլերեան ֆաշիզմի դէմ Գերմանիան քաջութիւն ունեցաւ այնպիսի որոշումներ ընդունելու, եւ այսօր ոչ ոք զայն կը մեղադրէ», ըսաւ քիւրտ պատգամաւորը՝ խորհուրդ տալով Թուրքիոյ հետեւիլ Գերմանիոյ օրինակին:
Իր կարգին, Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ բաժանմունքի Ցեղասպանութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը յայտարարութիւն մը տարածեց՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, գործարարներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին պատճառով Ֆրանսայի դէմ արշաւ սկսելու փոխարէն՝ ջանքեր գործադրեն, որպէսզի պետութիւնն ու հասարակութիւնը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ տարիներուն իրագործուած ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները:
Թուրք իրաւապաշտպանները կը պնդեն, թէ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութեան (ցեղասպանութեան) ժխտումը կարելի չէ համարել խօսքի եւ միտքի ազատութիւն: «Ժողովուրդի մը ամբողջական բնաջնջումը ուրանալը հաւասար է յանցանքը պաշտպանելուն: Այդ յանցանքին ժխտումը յարձակում է ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն եւ զոհուածներու յիշատակին դէմ: Այսօր հրէական Ողջակիզման ժխտման համար Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած է 6 ամիսէն 20 տարուան բանտարկութիւն, Պելճիքայի մէջ՝ նիւթական տուգանքէն մինչեւ 1 տարուան բանտարկութիւն, Չեխիոյ մէջ՝ 6 ամիսէն մինչեւ 2 տարուան բանտարկութիւն, Գերմանիոյ մէջ՝ մինչեւ 5 տարուան, իսկ Իտալիոյ մէջ՝ 3-4 տարուան բանտարկութիւն: Ֆրանսան այս հարցին մէջ իւրայատուկ չէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: