
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս», «Զաման».- Շունչը պահած՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկման ու քուէարկութեան հետեւող Թուրքիան, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին արագօրէն հակադարձեց բանաձեւի վաւերացման:
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր արդէն, Թուրքիա «խորհրդակցութեանց համար» տուն կանչեց Ֆրանսայի մօտ իր դեսպանը, իսկ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Թուրքիա պիտի կասեցնէ Ֆրանսայի հետ տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական հանդիպումները, ինչպէս նաեւ արտօնութիւն պիտի չտայ ֆրանսական ռազմական օդանաւերուն եւ մարտանաւերուն, որ վայրէջք կատարեն ու խարիսխ նետեն Թուրքիոյ մէջ:
Ըստ Էրտողանի, ֆրանսական որոշումը «անարդար է եւ մտածումի ազատութեան դէմ առնուած քայլ մըն է»: Ան աւելցուց, թէ որոշումը ֆրանսացիներուն դէմ առնուած որոշում մըն է, որովհետեւ այսուհետեւ մտածումի ազատութիւնը արգիլուած պիտի ըլլայ Ֆրանսայի մէջ:
Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ խոստացաւ իր կարելին ընել, որպէսզի աշխարհը ծանօթանայ «Ափրիկէի մէջ Ֆրանսայի իրագործած ցեղասպանութիւններուն»:
Ան ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման որոշումը Ֆրանսայի հետ յարաբերութեան մէջ դժուար բուժելի վէրք մը պիտի բանայ, եւ որ անիկա «ցեղապաշտական ու խտրականութեան» հիմքով կատարուած է։

Նախքան օրինագիծին որդեգրումը, Էրտողան յայտարարած էր. «Չպատասխանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հեռաձայնային զանգին՝ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի քաղաքական մեծ սխալ կը գործէ»։
Տաւութօղլու յայտնեց, որ օրինագիծի որդեգրումը թուրք ժողովուրդին համար անարգանք է։ Ըստ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէ, Տաւութօղլուի հեռաձայնելով՝ յայտնած է, որ «դուք գիտէք հայկական վարկածներուն վերաբերեալ օրինագիծին նկատմամբ մեր կեցուածքը. մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները պէտք չէ վատթարանան»։ Տաւութօղլու, իր կարգին, պատասխանած է հարց տալով՝ «Եթէ Փարիզ երթամ եւ ինծի այդ վարկածներուն վերաբերեալ հարցում ուղղուի, լո՞ւռ մնամ, թէ ըսեմ, որ ֆրանսական խորհրդարանը այս հարցին աւելի տեղեակ է», ապա աւելցնելով, որ «պիտի չլռեմ եւ ճշմարտութիւններուն մասին պիտի խօսիմ»։
Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի իր թուրք պաշտօնակից Ապտուլլահ Կիւլի հեռաձայնային զանգերուն պատասխանել մերժելուն մասին Տաւութօղլու նշեց, թէ «քաղաքակիրթ աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք եւ նոյնիսկ պատերազմի կացութեան մէջ կարելի է տեսակէտ փոխանակել»։
«Այս հեռաձայնի կանչերուն պատասխանելու իրենց մերժումը ցոյց կու տայ, թէ մեզի ոչինչ ունին ըսելիք», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարար Ֆարուք Չելիք յայտարարեց, թէ «կը խղճայ» այն մարդոց, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան օրէնքներով «փոխել պատմական ճշմարտութիւնները»:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընճ յայտարարեց, թէ հայկական օրինագիծի վաւերացումը «պատմութիւնն ու ճշմարտութիւնները ծածկելու գործողութիւն մըն է»:
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու, իր կարքին ըսած է, թէ այս որոշումով «Ֆրանսան դաւաճանած է իր սեփական պատմութեան»:
Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութեանց բաժինի ղեկավար Նովրուզ Մամատով եւս ձայնը միացուց իր թուրք եղբայրներուն՝ պնդելով, թէ «անարդար» բանաձեւին վաւերացումը վնաս պիտի հասցնէ նաեւ Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններուն, որոնք այս որոշումին պատճառով ամբողջութեամբ վերատեսութեան պիտի ենթարկուին: Մամատով աւելցուց, որ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի, խորհրդարանի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներ, այդ հարցին առնչութեամբ արդէն իրենց տեսակէտը յայտնած են։ «Մենք այս հարցին մէջ Թուրքիոյ կողքին ենք եւ կը պաշտպանենք Անգարայի քայլերը։ Աշխարհի վրայ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն աւելի մտերիմ եւ բարեկամ երկիրներ չկան։ Ի զուր չեն ըսեր՝ մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն։ Այդ իսկ պատճառով, մենք այսպիսի հարցերու մէջ թուրք-ատրպեճանական դիրքորոշումով հանդէս կու գանք», ըսած է Մամատով։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլման Ապտուլլաեւ եւս յայտարարեց, թէ «եւրոպացի պատգամաւորներ գործիքի վերածուած են որոշ շրջանակներու ձեռքերուն մէջ»՝ դատապարտելով բանաձեւը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի շէնքի յարակից տարածքին վրայ հաւաքուած էին Ֆրանսայի տարբեր շրջաններէն ժամանած շուրջ 3000 թուրքեր, որոնք կոչ կ՛ընէին դէմ քուէարկելու օրինագիծին:
Պաշտօնական վիճակագրութեանց համաձայն, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրա-շրջանառութիւնը կը հասնի 13.5 միլիառ եուրոյի: