
ՎԻՍԱԼԻԱ, Քալիֆորնիա, «Վելի Վոյս».- 49ամեայ Էյմի Շուքլեան վերջերս Վիսալիա քաղաքի քաղաքապետը դառնալով՝ հանդիսացաւ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ այդ քաղաքի միայն երկրորդ կին քաղաքապետը:
Էյմի Շուքլեան, որ թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայուհիի մը, կը յայտնէ, թէ հպարտ է իր հայութեամբ եւ հայկական մշակոյթով:
Ան առաջին անգամ 2007ին էր որ ընտրուեցաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ իր աշխատասիրութեամբ շահելով համակրանքը քաղաքացիներուն, որոնք զինք նոյն պաշտօնին վերընտրած են անցեալ ամիս կայացած ընտրութեանց ընթացքին: