
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին կը տեղեկացնեն, թէ «յառաջիկայ քանի մը օրերուն», Ռուսիա Ատրպէյճան պիտի հասցնէ «Mi-35M» տիպի ռազմական արդիական ուղղաթիռներ, որոնք ապսպրուած էին Սեպտեմբեր 2010ին:
Զրահապատ փոխադրակառքեր չէզոքացնելու կարողութիւն ունեցող հրթիռներով օժտուած այս ուղղաթիռները նաեւ կը գործածուին զինուորներու փոխադրութեան համար: