ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ 1 տոկոսը, որուն դէմ է գլխաւորաբար «Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը» ժողովրդային շարժումը, 1979էն 2007ի միջեւ կրցած է իր եկամուտը 275 տոկոսով պարարտացնել, մինչ երկրին ընդհանուր բնակչութեան մէջ ամենանուազ եկամուտ ապահովող 20 տոկոսին պարագային, այդ աճը միայն 18 տոկոս եղած է, ըստ քոնկրեսական յանձնախումբի մը նոր ուսումնասիրութեան տուեալներուն:
Միջին դասակարգ նկատուող բնակչութեան 60 տոկոսին մօտ եկամուտի աճը գրեթէ 40 տոկոս եղած է նշեալ 28 տարիներուն ընթացքին:
Նաեւ, 2007ին ամենահարուստ քաղաքացիներու մէկ տոկոսին եկամուտը 17 առ հարիւրը կազմած է ամբողջ երկրի եկամուտին, մինչ այդ համեմատութիւնը 8 տոկոս էր 1979ին:
Յատկանշական է, որ Միացեալ Նահանգներու վիճակագրութեան գրասենեակին կողմէ կատարուած այլ ուսումնասիրութիւն մը, որ 2004-2009 տարիներու տուեալներուն կ՛առնչուի, հասած է այն եզրակացութեան, որ եկամուտներու ամենամեծ անհաւասարութիւնը արձանագրուած է Նիւ Եորքի մէջ, որ «Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը» շարժումին ծննդավայրն է: