ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- ՀՀ Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան, Հոկտեմբեր 28ին հրաւիրած ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ խաղաղ պայմաններու մէջ զոհուած զինուորական ծառայողներու ծնողներուն հետ ԱԺի մէջ կայացած հանդիպումը աննպատակ չէ անցած:
ԱԺ փոխնախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի, Արամ Սաֆարեանի եւ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ քննարկումներուն ընթացքին, քննուած են աւելի քան տասը դիմումներ, նոյնիսկ տասը տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքեր։
Հ. Կարապետեան նշած է, թէ իրենք դիտողութիւններով ու առաջարկներով թղթածրարներ ուղարկած են Զինուորական դատախազին, Զինուորական ոստիկանութեան պետին, ՀՀ Գլխաւոր դատախազին, ՊՆ քննչական պետին, իսկ դրուագով մըն ալ՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարին:
«Իւրաքանչիւր դէպքի կապակցութեամբ հետամուտ ենք լինելու, որ այս խնդիրները ուշադրութեան տակ լինեն», ըսաւ Հրայր Կարապետեան: