ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 12ին բացուեցաւ «Սինոփսիս Արմէնիա» ուսումնական բաժանմունքի նոր գերժամանակակից մասնաշէնքը։ «ՍԱՈՒԲ» նոր մասնաշէնքը կառուցուած է ուսումնական գերազանց միջավայր ստեղծելու համար բոլոր անհրաժեշտ բաղադրիչներով՝ երկրի եւ աշխարհի առաջնակարգ համալսարաններու կողմէ ընդունուած ուսումնական ծրագիրով, «Սինոփսիս»ի գերժամանակակից արդիւնաբերական «ԷՆԱ» ծրագրային ապահովումով եւ ուսանողներու բարձր մակարդակի կրթութիւն ապահովող բաժանմունքով:
Մասնաշէնքը կը տրամադրէ գերժամանակակից հինգ լսարան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը համալրուած է համակարգչային ճարտարագիտութեամբ ու նախատեսուած է 25 ուսանողի համար:
Ըստ «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանի, նոր մասնաշէնքին մէջ տեղակայուած է Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի Միքրօ-ելեկտրոնային նախագիծերու եւ համակարգերու ամպիոնը, ուր ներկայիս կ՛ուսանի աւելի քան 200 ուսանող:
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի խօսքերով, «Սինոփսիս-Համալսարան» կրթական տարբերակը, «ապագայի մոտելներ»էն է, որ ճարտարագիտական լաւագոյն կրթութիւն կ՛երաշխաւորէ հայ երիտասարդներուն համար:
«Սինոփսիս»ի նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն դոկտոր Չի Ֆուն Չան, իր կարգին նշեց, թէ «Սինոփսիս»ը Հայաստանի մէջ կ՛իրականացնէ մեծ ծաւալով գործունէութիւն: Ըստ անոր, ընկերութեան ճարտարագէտներու 10 տոկոսը Հայաստան կը գտնուի: Ան գոհ է նաեւ Հայաստանի մէջ կիրառուող կրթական ծրագիրէն, որ, ըստ իրեն՝ բացառիկ է: «Ոչ մէկ երկրի մէջ «Սինոփսիս»ը կրթական նման ծրագիր ունի», յայտնեց Չի Ֆուն Չան:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ «Սինոփսիս»ը պիտի շարունակէ հովանաւորել եւ ներդրումներ կատարել Հայաստանի կրթական ծրագիրներու ծիրէն ներս: Ըստ անոր, ընկերութիւնը ունի երկարաժամկէտ տեսլական, քանի որ ամենադժուար աշխատանքը միշտ երկար ժամանակ կը պահանջէ:
«Մենք նոր աշխատողը կը տեսնենք հինգ կամ տասը տարի ետք, ուստի մենք կ՛օգնենք համալսարանին կամ համալսարանը կ՛օգնէ մեզի», ընդգծեց «Սինոփսիս»ի նախագահը: