ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Թուրան» լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւններով, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի՝ սպառազինութեան վերահսկման գծով օգնական Ռոզ Կոթեմիւլըր, Հոկտեմբեր 14էն 19 պիտի այցելէ Հարաւային Կովկաս: Կը նշուի, որ վերջինս պիտի այցելէ յատկապէս Երեւան, Պաքու եւ Թիֆլիս, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.