
Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, Դպրեվանքի սանուց միութեան կողմէ, ի պատիւ վեհափառին կազմակերպուած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ի երեկոյեան ժամը 9ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Նունէ Սեփեճեաններու։

Ամերիկեան քայլերգի եւ հայկական օրհներգի երգեցողութեամբ, վեհափառը իր շքախումբով եւ հոգեւորականաց դասու ընկերակցութեամբ մուտք գործեց սրահ։ Ներկայ էին Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդները՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Օշական արք. Չոլոյեան, Եփրեմ արք. Թապագեան, Կորիւն արք. Պապեան, գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, միաբան վարդապետներ, Կիլիկեան Ս. աթոռի կեդրոնական վարչութեան անդամներ Խաժակ Տիքիճեան, Վահէ Եագուպեան, տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան, թեմի կրօնական ժողովի եւ Ազգ. վարչութեան անդամներ, Կաթողիկոսարանի եւ թեմի բարերարներ, ծխական շրջաններու հոգաբարձական կազմի ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, դպրաց դասերու, սարկաւագաց եւ տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդաց եւ Կիրակնօրեաներու ուսուցչական կազմեր, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ վեց հարիւրէ աւելի ներկաներ։
Յոտնկայս երգուեցան «Որք զարդարեցին» շարականը եւ Դպրեվանքի «Սիրտ ի սիրտ» քայլերգը։ Վեհափառին կողմէ ճաշի սեղաններու օրհնութենէն ետք, բացման պատշաճ խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանը, որ Դպրեվանքի սանուց միութեան եւ ներկաներուն անունով, բարի գալուստ մաղթեց կաթողիկոսին։ Ան վեր առաւ Ս. Թարգմանչաց օրուան խորհուրդը եւ այդ ոգիով ու Դպրեվանքի շունչով դրծուած ու մեծցած դպրեվանեցիները, որոնք որպէս սան՝ անցան Դպրեվանքի մարդակերտումի եւ հայակերտումի հնոցէն, ապա եկեղեցական թէ աշխարհական՝ նետուեցան եկեղեցւոյ, հայ կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ: «Այսօր հպարտութեամբ եւ յուզումով կը յիշենք դպրեվանքեան օրերը։ Այլ խօսքով, մենք այսօր բոլորս, մեր հաւատարմութեան եւ ծառայութեան ուխտը, հայ եկեղեցւոյ ու մեր սիրելի Դպրեվանքին հանդէպ կը վերանորոգենք մեր ուխտը, եւ կը խոստանանք քալել մեր ազգին ու եկեղեցւոյ նուիրեալ հարազատ զաւակներու ուղիով», նշեց ան։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, որուն ընթացքին հանդէս եկան հայ երգի, մշակոյթի ու Կիլիկեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացած երգիչներ՝ աշուղական երգերու մեկնաբան Լեւոն Գաթրճեան, ժողովրդական երգերու մեկնաբաններ Ատիս Հարմանտեան եւ Յարութ Փամպուքճեան։
Վեհափառ հայրապետը անակնկալ մը վերապահած էր հայ երգի սպասարկուներէն Յարութ Փամպուքճեանին, որ Լիբանանէն սկսած էր կատարելու իր առաջին համերգները, եւ մինչեւ օրս, ազգային, հայրենասիրական եւ խանդավառ երգերով կը խանդավառէ երիտասարդութիւնը. մեր մշակոյթի գանձանակին անոր դրած քառասուն տարիներու վաստակը վեհափառ հայրապետին կողմէ գնահատուեցաւ եւ պարգեւատրուեցաւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։
Յայտագիրի ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Դպրեվանքի սաներուն ամէնօրեայ կեանքէն առնուած պատառիկներ, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեմեէզեանի խօսքը՝ Դպրեվանքի հոգեկրթիչ, սերունդներ դաստիարակող ու կազմաւորող դերին եւ ծառայանուէր առաքելութեան մասին։ Ապա, Ազգ. առաջնորդարանի երիտասարդաց խումբերէ կազմուած «Լուսաւորի»չ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի, հանդէս եկաւ ժողովրդային եւ հոգեւոր երգերով։

Հանդիսութեան ընթացքին, առաջնորդը, Կաթողիկոսարանին, Դպրեվանքին, Ազգ. առաջնորդարանին ու Ազգ. վարժարաններու նուիրատուներուն անունները եւ անոնց կատարած նուէրներուն գումարները յայտարարելէ ետք, հրաւիրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Դպրեվանքի դերին եւ առաքելութեան հաւատացող, Դպրեվանքէն ներս երկար տարիներ սան պահող, այժմ հանգուցեալ Կիրակոս Թիթիզեանի այրին՝ Մարթա Թիթիզեանը, վեհափառէն ստանալու «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը։
Անակնկալներու շարքը վերջ չէր գտած. յուզիչ պահ մը ստեղծուեցաւ, երբ վեհափառը, ծափողջոյններու ներքեւ, Կիլիկեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Դպրեվանքի սաներէն Սարգիս Սեփեճեանը։ Տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Նունէ Սեփեճեանները, երկար տարիներ, լուռ եւ առանց գովասանք կամ փառք ակնկալելու, Աստուծոյ տուած պարգեւները երախտապարտ սրտով ազգին ու եկեղեցիին նուիրաբերած են։ Վեհափառի Արեւմտեան թեմին այժմու հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան առիթով, որ կը զուգադիպի Դպրեվանքի 81ամեակին, վեհափառին նուիրուած սոյն ճաշկերոյթին հիւրընկալութիւնը ստանձնելէ բացի, Սեփեճեան ամոլը Անթիլիասի Դպրեվանքին նուիրեց 81 հազար տոլար։ Ուրախալի ու հպարտառիթ էր, որ խանդավառ երեկոյթին, հին եւ նոր բարերարներու կողմէ Դպրեվանքին կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն գումարը հասաւ շուրջ 350 հազար տոլարի։
Երեկոյթի փակման իր պատգամը փոխանցեց վեհափառը։
«Այս երեկոյ, խորհրդաւոր այս մթնոլորտին, հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով լիցքաւորուեցանք։ Այսօր մեր մտածումներուն առանցքը Դպրեվանքը եղաւ։ Դպրեվանքը իր հաւատքով, տեսիլքով, առաքելութեամբ եւ ծառայութեամբ, որպէս ոգի ամէն տեղ է, ներկայ ու պատրաստ է ծառայելու մեր ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային ծով կարիքներուն։ Դպրեվանքը մարդակերտումի եւ հայակերտումի սրբազան օճախ է։ Անոր հնոցին մէջ մենք դրծուեցանք, պատանի մեր միտքերը հարստացան, սիրտն ու հոգին ներթափանցուեցան հայոց պատմութեան անցեալի հերոսապատումով, փառաւոր էջերով։ Հրաշակերպուեցանք աւետարանական սկզբունքներով, այլափոխուեցանք աստուածային ճշմարտութիւններու ուսուցումներով եւ Հայ եկեղեցւոյ միտքի, հոգիի ու հաւատքի հսկաները, նոր եւ իմաստաւոր կեանք տուին մեզի։ Դպրեվանքէն առինք ինչ որ չկայ ուրիշ տեղ։ Անոր հարազատ ակունքներէն հաւատքով ու ազգային արժէքներով հարստացանք ու տարինք մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Զգեստը, սքեմը չեն որ մարդս կ՛արժեւորեն, այլ՝ նախանձախնդիր ոգին, տեսիլքը, կոչումը, նուիրումը, տալու եւ ծառայելու անպայմանական պատրաստակամութիւնը։ Երբ կը նայիք մեր միաբանութեան, կը տեսնէք Դպրեվանքին կոչումը՝ ծառայութեան տէր նուիրեալներ հաւատքի, սիրոյ եւ զոհողութեան բարձր գիտակցութեամբ զսպանակուած՝ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան եւ առաքելութեան յանձնառու ընտրեալներ։ Նիւթապէս սատար հանդիսանալով ու տալով Դպրեվանքին՝ կը յիշեցնէք, որ Դպրեվանքէն աւելիով սպասումներ ունիք։ Եկեղեցական մշակը քիչ է այն ծով կարիքներուն դիմաց, զորս ազգը մեզմէ կ՛ակնկալէ։ Ծառայողներու, յանձնառու նուիրեալներու պէտքը ունինք։ Մենք կը խոնարհինք Դպրեվանքի խորհուրդին, անցեալի ու ներկայի անձնուրաց բոլոր նուիրեալներու վաստակին դիմաց։ Կ՛աղօթենք, որ Աստուած նոր մշակներ գործի բերէ, պատրաստէ ու առաքէ եկեղեցւոյ եւ ազգի ծառայութեան ծարաւի ու խոպան հոգեւոր անդաստանները։ Խօսքը կը թռչի, գործը կը մնայ։ Անթիլիասը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ անոր բաբախող սիրտը հանդիսացող մեր սիրելի Դպրեվանքը գո՛րծ է, հաւա՛տք է, տեսի՛լք է, նուիրո՛ւմ ու հոգեւոր առաքելութեան ճանապա՛րհ է. եկէ՛ք մասնակից, ուղեկից եւ ճանապարհորդակից եղէք Անթիլիասի հաւատքի առաքելութեան», ըսաւ կաթողիկոսը։
«Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով, «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ պատմական այս երեկոյթը։ Ներկաներ, իրենց սրտին սեղմած «կրօնի հուրն ու ազգին սէրը»՝ բաժնուեցան սրահէն, վերանորոգելով ու վերահաստատելով հաւատարմութեան իրենց ուխտը Կիլիկեան պատմական Ս. աթոռին, կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքին ու անոր հոգի՝ Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ։